2016-12-31 07:12:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը` Գոհաբանական աղօթք եւ Սուրբ Պատարագ։


(Ռատիօ Վատիկան) 2016-ի վերջին օրը` Շաբաթ 31 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը տարին կ՛եզրափակէ  Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ գլխաւորած ժամասացութեան արարողութեամբ, որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունք, ''Te Deum'' գոհաբանական շարականի երգեցողութիւն` որպէս շնորհակալութիւն  առ Աստուած անցնող տարուան ընթացքին շնորհած պարգեւներուն համար եւ Սուրբ հաղորդութեան օրհնութիւնը։ Արարողութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղէ օրուան պատգամը հուսկ աւարտին կ՛ուղղուի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ զետեղուած` Մալթայի հանրապետութեան կողմէ նուիրուած հսկայական մսուրին մօտ,այնտեղ պահ մը աղօթքի մէջ ամփոփուելու համար։ 

Իսկ Կիրակի` 1 յունուար 2017-ին, տարուան առաջին օրը, Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 10-ին, Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ կը մատուցէ գոհաբանական Սուրբ Պատարագը, ապա իր գրասենեակի պատուհանէն կ՛արտասանէ 2017 տարուայ առաջին Մարեմեան աղօթքը։

Նշենք թէ Յունուար մէկին կը նշուի նաեւ Խաղաղութեան համաշխարհային օրը որուն առթիւ Նորին Սրբութիւնը հրապարակած է պատգամ մը ''Բռնութեան վերացումը` Խաղաղութեան քաղաքականութեան ոճ'' բնաբանով։  








All the contents on this site are copyrighted ©.